2013-08-24 13:24:30

Լիբանանի Մարոնիներու Պատրիարք` Պշարա Ռաիի Ելոյթը Ռատիովատիկանի Հետ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ներկայ Կացութեան Մասին


Լիբանանի մարոնիներու պատրիարք` Պշարա Ռաի, Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ թէ Եգիպտոսի մէջ չափաւորական մահմետականներու ու ծայրայեղ մահմետականներու միջեւ ընդհարում կայ, այս պատերազմի առաջին զոհերը ՝ քրիստոնեաներն են։ Ամէն անգամ որ խառնաշփոթութիւն մը կը ստեղծուի արաբական աշխարհի մէջ, դժբախտաբար առաջին զոհերը միշտ եղած են քրիստոնեաները՝ դիտել տուած է Ռաի Պատրիարքը Ներկայիս ականատես ենք քրիստոնեաներու ու անոնց սրբավայրերու կործանումին։
Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներս 1400 տարիէ ի վեր կ'ապրինք մահմետականներու հետ. անոնց հաղորդեցինք մարդկային եւ բարոյական արժէքները , համակեցութեան, բազմազանազութեան եւ արդիականութեան արժէքները եւ շնորհիւ քրիստոնեաներու ներկայութեան՝ յառաջ բերինք չափաւորական մահմետականներ։ Ներկայիս ցաւով կը դիտենք 1400 տարիներու աշխատանքի կործանումը ։
Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ բնակիչները սուղ կը վճառեն գինը՝ ընդդիմութիւնը չափաւորականներու ու ծայրայղներու միջեւ, շիիթներու ու սիւննիներու միջեւ։ Անոնք յաճախ չեն գիտեր թէ ի՞նչու յարձակում կը կատարեն քրիստոնեաներու դէմ։ Այսպէս պատահեցաւ Իրաքի մէջ, ներկայիս՝ Սուրիոյ մէջ ։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կը պահանջեն անվտանգութիւնը ու կայունութիւնը։
Իսլամ եղբայրները Արեւմուտքէն ստացան երկու միլիառ տոլար իշախանութեան հասնելու համար։ Անոնք անմիջապէս ուզեցին նահանջ կատարել` կիրարկել մահմետական օրէնսդրութիւնը։ Բնականաբար քրիստոնեաները հակառակ են։ Անոնք կ'ուզեն բարեփոխութիւն. հանրավարութիւն, Եգիպտոս մը՝ որ կարող է յարգել մարդկային իրաւունքները։ Մարոնիներու պատրիարքի գնահատումով քրիստոնեաները Իրաքի մէջ կորսնցուցին մէկ միլիոն հաւատացեալներ։ Եգիպտոսի մէջ, արդէն 200 հազար քրիստոնեաներ հեռացած են երկրէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.